2015-12-09 10:47:00

Ողորմութեան ս. տարուայ առաջին ընդհանուր ունկնդրութիւնը` ''Ինչո՞ւ Յոբելինական Տարին''։


Ինչո՞ւ Յոբելենական տարի մը։

(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 9 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Յոբելենական Սուրբ Տարուան պաշտօնական սկիզբի յաջորդ օրը, աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հարիւրաւոր հաւատացեալներուն եւ այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը բացատրեց թէ ինչո՞ւ հռչակած է Յոբելենական Տարին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Հայրը, երէկ բացումը կատարեցի Սուրբ Պետրոսի` Ողորմութեան Յոբելեանի Սուրբ Դուռին, կեդրոնական Ափրիկէի Պանկիի աթոռանիստ եկեղեցւոյ դռան բացումէն ետք։ Այսօր միասնաբար կ՛ուզեմ խորհրդածել այս Սուրբ Տարուայ նշանակութեան մասին պատասխանելով այն հարցումին  ''ինչո՞ւ ողորմութեան Յոբելեան մը''։

Եկեղեցին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կարիքը ունի այս արտակարգ պահին։ Մեր այս դարաշրջանի խոր յեղաշրջումներուն ի տես, Եկեղեցին կանչուած է իր յատուկ ներդրումը նուիրելու, տեսանելի դարձնելով Աստուծոյ ներկայութիւնն ու մօտիկութիւնը։ Եւ Յոբելեանը կը ներկայացնէ այս բարենպաստ ժամանակը, որպէսզի խորհելով Աստուածային Ողորմութեան մասին, որ կը յաղթահարէ մարդկային սահմանափակումները եւ մեղքի խաւարին մէջ կը փայլի, մենք դառնանք աւելի վստահ եւ արդիւնաբեր վկաներ։

Աստուծոյ` Ողորմած Հօր եւ մեր ողորմութեան կարեկից եղբայրներուն սեւեռել հայեացքը կը նշանակէ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Աւետարանի էական բովանդակութեան վրայ` Յիսուս Քրիստոսի, Մարդեղացած Ողորմութիւնը, որ մեր աչքերուն տեսանելի կը դարձնէ Երրորդութեան Սիրոյ խորհուրդը։

Ողորմութեան Յոբելեանը տօնախմբել կը նշանակէ մեր անձնական ումեր հասարակական կեանքի կեդրոն ընտրել Քրիստոնէական Հաւատքի էութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ընդգծեց թէ Սուրբ Տարին հռչակուած է` ապրելու համար ողորմութիւնը, մեր կեանքի մէջ փորձարկելու Աստուծոյ ներումի քաղցր ու նուրբ հպումը, Անոր ներկայութիւնը մեր կողքին ու Անոր մօտիկութիւնը յատկապէս կարիքի ու դժուար պահերու ընթացքին։

''Այս Յոբելեանը, յատուկ ժամանակաշրջան մըն է որուն ընթացքին Եկեղեցին կը սորվի ընտրել միայն այն ինչ որ աւելիով հաճելի է Աստուծոյ։ Եւ Աստուծոյ ամենահաճելին իր զաւակներու ներում շնորհելն է, անոնց հանդէպ ողորմած ըլլալն է, որպէսզի անոնք եւս իրենց կարգին ներեն իրենց եղբայրները եւ ջահերու նման աշխարհի մէջ ճառագայթէն Աստուծոյ ողորմութիւնը'' ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ Եկեղեցական կառոյցներու բարեփոխումներուն որպէս միջոց ապրելու եւ փորձարկելու Աստուծոյ ողորմութիւնը որ միակն է որ կարող է Եկեղեցւոյ ապահովել ըլլալ ''լեռան վրայ կառուցուած քաղաքը որ չի կրնար թաքնուիլ (Մատթ 5,14)։ Եթէ մենք նոյնիսկ պահ մը մոռնանք թէ ողորմութիւնը Աստուծոյ ամենահաճելի իրողութիւնն է, մեր բոլոր ջանքերը կը դառնան ապարդիւն ու մենք կը դառնանք ստրուկ մեր կառոյցներուն, նոյնիսկ անոնց նորոգումով։

Եկեղեցւոյ նպատակը այս Սուրբ տարուայ ընթացքին այն է զգալ մեր մէջ ուրախութիւնը որ Յիսուս մեզ գտաւ դարձեալ, Բարի Հովիւի նման որ եկաւ մեզ փնտռելու, որովհետեւ կորսուած էինք։ Այսպէսով կարող ենք աւելիով ամրապնդել այն համոզումը որ ողորմութիւնը կարող է իսկապէս սատարել աւելի մարդկայնական աշխարհի մը կառուցումին։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները ապաշխարութեան, գիտակից դառնալու թէ մենք ամէնքս մեղաւորներ ենք ու մեր մէջ ամրապնդելու Աստուածային Ողորմութեան վստահութիւնը, Ան ապա մաղթանք յայտնեց որ այս Սուրբ Տարուայ ընթացքին իւրաքանչիւրը փորձարկէ Աստուծոյ Ողորմութիւնը, եւ ըլլայ վկայ այն բանին որ աւելիով հաճելի է Աստուծոյ եւ ներկաները հրաւիրեց աղօթել''Տէր ես մեղաւոր եմ` եկ քու ողորմութեամբդ'' ։  Նորին Սրբութիւնը յայտնելով թէ այս մէկը կարող է աշխարհը փոխել հաստատեց թէ ''մարդկայնօրէն խօսելով, այս մէկը խելագարութիւն կը թուի, սակայն ''Աստուծոյ յիմարը աւելի իմաստուն է քան մարդիկը եւ Աստուծոյ տկարը աւելի զօրաւոր է քան մարդիկը'' (Ա Կոր. 1­ 25).

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի Սուրբ Տարին ըլլայ հարուստ եւ պտղատու եւ որպէսզի Տիրամայրը առաջնորդէ մեր քայլերը մարմնական եւ հոգեկան ողորմութեան ապրուած ներգործութիւններով։ Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդները եւ նորապսակեալները ու բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.